Jump to content

Հերմինէ Ասատուր

Հերմինէ Ասատուր
Ծնած է 26 Յունիս 1914(1914-06-26)
Ծննդավայր Ռուսէ, Պուլկարիա
Մահացած է անհայտ
Քաղաքացիութիւն  Պուլկարիա
Մասնագիտութիւն դաշնակահար

Ասատուր Հերմինէ (26 Յունիս 1914(1914-06-26), Ռուսէ, Պուլկարիա - անհայտ), դաշնակահարուհի:

Իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Կ.Պոլիս Հայ Կղզիի Ազգային դպրոցը, այնտեղէն իր ծնողքին հետ Պուլկարիա վերադառնալով մտած է Լօվէժի Ամերիկեան գոլէճը, ուրկէ փայլուն վկայականով մը ընթարցաւարտ եղած է շատ երիտասարդ հասակին:

Կ.Պոլիս գտնուած միջոցին, 8 տարեկան հասակին մեծ փափաք ունեցած է նուագի: Այս ճիւղին մէջ իր առաջին դաստիարակուհին եղած է Սիրաքեան՝ Հայ-Կղզիէն, որ տեսնելով փոքրիկին նուագի հանդէպ ունեցած տաղանդը, յանձնարարած է, որ չընդհատեն դասերը եւ Պուլկարիա երբ վերադառնան, յանձնեն զինք լաւ ձեռքերու:

Հերմինէ Ամերիկեան գոլէճը լրացնելէն վերջ, մէկ տարի Սոֆիայի մէջ մասնաւոր դասընթացքի հետեւած է փրօֆ. Բէլէշէքի մօտ եւ յետոյ գոնգուրի քննութեան ներկայանալով, ընդունուած է գոնսերվաթուարը, ուրկէ՝ իր ընդունակութեան շնորհիւ, 3 տարիէն (1935-ին) շրջանաւարտ եղած է, բազմաթիւ ուսանողուհիներու մէջ առաջին հանդիսանելով: Իր անդրանիկ նուագահանդէսը տուած է Զինուորական Ակումբի սրահին մէջ նախարարներու, փրոֆէսէօրներու ներկայութեան, արժանանալով առաջնակարգ վկայականի եւ բազմաթիւ ծաղկեփունջերու:

Հերմինէ Ասատուր դաշնակի ճիւղը կատարելագործած է Վիեննայի մէջ նշանաւոր փրոֆէսէօրներու մօտ եւ Սոֆիայի դպրոցին մէջ մէկէ աւէլի անգամներ նուագահանդէս տուած է, ի նպաստ կարօտեալ ուսանողներու:

Պուլկար ազգը կը ճանչնայ այլեւս այդ տաղանդաւոր հայուհին, որովհետեւ շատ անգամ գրուած է իր մասին թերթերու մէջ եւ լուսանկարն ալ հրատարակուած: Օր. Հերմինէ Ասատուր բացի երաժշտութենէն եւ մայրենի լեզուէն, տիրացած է Ֆրանսերէն, գերմաներէն, պուլկարերէն եւ անգլերէն լեզուներուն: