Jump to content

Տումիի յուշարձանները

The printable version is no longer supported and may have rendering errors. Please update your browser bookmarks and please use the default browser print function instead.

Տումիի յուշարձանները, Տումին Արցախի հինաւուրց բնակավայրերէն է` Իշխանագետի Շնաքար վտակի ափին. Դիզափայտ լերան ստորոտը, որ եղած է Արցախի հարաւային շրջաններու իշխանութեան կեդրոններէն:

Տումիի պատմական յուշարձանները

Տումիի եւ յարակից շրջանները հարուստ են պատմական յուշարձաններով: Տումիի պատմական յուշարձանները, եկեղեցիներն ու սրբավայրերն են․

Սուրբ Յովհաննէսը

Տումի գիւղին կեդրոնը կը գտնուի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցին, որ կառուցուած է 17-րդ դարուն: Անոր հարաւային ճակատը` մասնաւորապէս շքամուտքը եւ աջ ու ձախ կողմերուն ագուցուած խաչաքանդակ քարերը շքեղ պատկեր մը կը ներկայացնեն: Աջակողմեան քանդակազարդ քարին վրայ զոյգ խաչաքանդակներ կան եւ արձանագրութիւն մը: Խորհրդային տարիներուն զարդաքանդակներն ու արձանագրութիւնը քերուած են, կ՛երեւի միայն «1868 … ՍՐ …» գրութիւնը: Սա եկեղեցւոյ վերանորոգման թուականն է:

Խորհրդային տարիներուն Տումիի այս հնագոյն եկեղեցին անխղճաբար գործածուած է իբրեւ հացահատիկի պահեստ, կատարուած են ձեւափոխութիւններ: Հարաւէն մուտքը գոցուած է, եւ նոր մուտք մը բացուած է արեւելեան ճակատէն` խորանէն: Հիւսիսային պատին վրայ բացուած է անցք մը, որպէսզի հացահատիկը պարպելու նպատակով գործածուի, լայնցուած է արեւմտեան լուսամուտը հարաւային ճակատէն, մուտքէն դէպի աջ բացուած է մեծ լուսամուտ մը:

Արցախի առաջին պատերազմի տարիներուն եկեղեցին չէր վնասուած: 2019 թուականին սկսած էին եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները, որոնց կը հսկէին պատմաբաններ, ճարտարապետներ` նպատակ ունենալով եկեղեցին վերադարձնել իր պատմական տեսքին: Վերականգնուած էր զանգակատան բոլորաձեւ շէնքը, բացուած էր հին մուտքը, սակայն վերականգնումը աւարտին չէր հասած:

2020 թուականին սկսած է պատերազմը, սակայն ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին եկեղեցին չէ տուժած: Գիւղը մնացած է սահմանէն անդին:

Կարմիր Խաչը

Կարմիր եկեղեցի կամ Կարմիր խաչ։ Ան կառուցուած է 11-րդ դարուն (1000 թուականին): Այս մասին կը վկայէ յուշարձանին վրայ տեղադրուած արձանագրութիւնը, որ այժմ կը գտնուի Արցախի պատմա-երկրագիտական թանգարանին մէջ: Կիսաւեր եկեղեցւոյ մէկ պատը կը վկայէ, որ 1000 թուականին կառուցուած էր կրաքարերով` հիմնականօրէն մոխրագոյն կրաշաղախով: Ներսը պահպանուած է մէկ խաչքար, իսկ շրջակայքը կան գերեզմանոց եւ Քրիստոսէ առաջ 2-1 հազարամեակներուն թուագրուող դամբարանաբլուրները:

մինչեւ 2020 թուականին պատերազմը եկեղեցին կիսաքանդ էր:

Ղլենքար Բերդը

Ղլենքար բերդը կը գտնուի Տումի գիւղէն 6-7 քիլոմեթր դէպի արեւմուտք, հիւսիսէն հարաւ թեքած բարձր, անմատչելի ժայռի մը վրայ: Բերդի մուտքին` հիւսիսային կողմը նկատելի են պարիսպին մնացորդները, սեղանի մեծութեամբ բազմաթիւ յղկուած քարերու կոյտեր, բնակատեղեր եւ պաշտպանական օժանդակ այլ շինութիւններու հետքեր:

Կ՛ենթադրուի, որ ամրոցը ունեցած է գաղտնի դուռ մը, որուն տեղը անյայտ է: Բերդը կաւէ խողովակներով ջուր ստացած է 800 մեթր ցած գտնուող աղբիւրէն:

Ղլենքար բերդէն հիւսիս կը գտնուի Թաղալ աղբիւրը: Տեղացիներուն վկայութեամբ, այս աղբիւրը (որուն ջուրը ունի 4 զանազան աստիճաններ` ըստ եղանակի) շատ հին ժամանակ թշնամիներէն քողարկուած, թաքցուած է եւ յատուկ կաւէ խողովակներով գետնին տակէն բարձրացուած է մինչեւ Գորոզ բերդին մուտքը:

Աղբիւրին անունը կապուած է թաղուած, քողարկուած աղբիւր մը ըլլալու հանգամանքին հետ:

Խտտրոխութը

Խտտրոխութը ընդարձակ հնավայր մըն է, որ կը գտնուի Տումիէն 3 քիլոմեթր դէպի արեւմուտք: Հոս կը գտնուին հին, կործանուած եկեղեցւոյ մը փլատակները, տուներուն հիմնապատերը եւ ընդարձակ գերեզմանատան մը հողմահարուած տապանաքարերը: Անոր արեւելեան լանջին վրայ կը գտնուի Վարդապետի աղբիւր յուշարձանը:

Ստեփնոցենց Խութը

Ստեփնոցենց խութը կը գտնուի Տումի գիւղին հիւսիսային մասը, չորս քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, բլուրի գագաթին, ուր կան հին գիւղատեղիի աւերակներ, գերեզմանաքարեր, ցիր ու ցան խաչքարեր: Տումեցիները փլած եկեղեցին եւ բլուրը կոչած են Ստեփանոսին անունով:

Մկրտիչի տեփերը հին գիւղատեղի է, ուր ամարանոցներ եղած են: Այս հնավայրը կը գտնուի Ծաւեր անունով անտառի եւ Դիզափայտ լերան ալպեան մարգագետիններուն գօտիին միջեւ, Տումի-Խանձաձոր ճամբուն աջ կողմը:

Հայկազունի Կամուրջը

Տումին հարուստ է նաեւ հնագոյն կամուրջներով, որոնք պահպանուած եւ հասած էին մեր օրերը: Հայկազունի կամուրջը միակամար է` կառուցուած Իքեակ գետին վրայ: Պահպանուած վիմագրութեան համաձայն,  ան 18-րդ դարու յուշարձան մըն է, որմէ անցնող ճամբան Վարանդա գաւառակը կը կապէ Գտչավանքին եւ Կատարովանքին:

Այսօր կամուրջն ալ, Գտչավանքն ալ, Կատարոն ալ անցած են Ազրպէյճանի հսկողութեան տակ:

Եօթը Դուռերով Վանքը

Տումիի մէջ կար նաեւ աւերակի վերածուած վանք մը, որ հակառակ աւերակ ըլլալուն` կը կոչուէր Եօթը դուռերով վանք եւ ուխտատեղի էր թէ՛ արցախցիներուն եւ թէ՛ Արցախ այցելած ուխտագնացներուն համար, որոնք կը հաւատային Եօթը դուռով վանքին զօրութեան եւ ուխտեր կը կատարէին:

Արքունական Բաղնիքը

Տումին հին ժամանակ նաեւ արքունական բաղնիք մը ունեցած է: Անոր տեղը Տումիէն դէպի Ճոխտպռվածառի վանքը տանող ճամբուն վրայ էր, Քեֆաձորին անտառափէշ բացատին մէջ, հանքային աղբիւրին մօտ: Հոս էր Դիզակի իշխանութեան առողջարանը, բաղնիք-բուժարանը:

Դիզափայտը

Տումիի բոլոր յուշարձանները, անկախ իրենց նշանակութենէն, ուխտատեղի եղած են տեղացիներուն եւ այցելուներուն համար, իսկ ամենամեծ ուխտատեղին եղած է Դիզափայտ լեռը։

Դիզափայտի գագաթին հիմնուած էր Կատարովանքը` 4-5-րդ դարերուն: Լեռնագագաթը Արցախի գլխաւոր ու պատմական սրբավայրերէն մէկն է:

Լեռնագագաթէն կ՛երեւին Մուղանի դաշտավայրը, Իրանի սահմանը` Արաքսի հովիտը, Զանգեզուրի լեռնաշխարհը, Մռովի կատարները, իսկ աւելի մօտէն` հիւսիսային կողմը, Հարոս լեռնաշղթան:

Ըստ աւանդութեան, լերան գագաթին, հինաւուրց Կատարովանքին տեղը 330-ականներուն նահատակուած են մազքթաց Սանեսան արքային զաւակներն ու բազմաթիւ քրիստոնեաներ, որոնց դարձի բերած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին թոռը` Արցախ աշխարհի առաջին եպիսկոպոս Ս. Գրիգորիսը: Նորահաւատները փայտերու պէս դիզած եւ այրած են, հոսկէ ալ ծագած է լերան անունը:

Աղբիւրներ